Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած COP31 կլիմայական գագաթնաժողովը աւարտած է առանց եզրափակիչ հռչակագիրի ընդունման։ Հակառակ մասնակիցներու տարբեր խումբերու դիրքորոշումները մերձեցնելու երկօրեայ փորձերուն՝ փոխզիջման հասնիլ չէ յաջողած այն հարցերուն շուրջ, թէ արդեօք հռչակագիրը պէտք է պարունակէ յորդոր՝ հրաժարելու հանածոյ վառելանիւթէն, ինչպէս նաեւ պարտաւորութիւններ՝ զարգացող երկիրներուն փոխհատուցում տրամադրելու վերաբերեալ։
Հիմնական տարակարծութեան պատճառը համաձայնագիրի նախագիծին մէջ նաւթի, կազի եւ ածուխի սպառումը կրճատելու ուղղակի կոչի բացակայութիւնն էր։ Եւրոպական շարք մը երկիրներ, ինչպէս նաեւ Փանաման, Վանուաթուն եւ Մարշալեան կղզիները յայտարարած են, որ այս մէկը անընդունելի է։
Աւանդական վառելանիւթի սպառումը կրճատելու պարտաւորութիւններուն մասին յիշատակումը չէ ներառուած հռչակագիրին մէջ՝ նաւթ արտահանող երկիրներու խումբին պահանջով, որուն ներկայացուցիչն էր Սէուտական Արաբիան։
Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչները պնդած են, որ համաձայնագիրին մէջ ամրագրուին մթնոլորտէն ածխածինի որսման արհեստագիտութիւններու ներդրման պարտաւորութիւններ։
Սակայն անոնց ընդդիմադիրները այս քայլը նկատած են որպէս փորձ՝ պարտադրելու մթնոլորտէն ածխաթթու կազի հեռացման եւ զայն ստորգետնեայ պահեստաւորման սուղ արհեստագիտութիւնները՝ միաժամանակ պահպանելով նաւթի, կազի եւ ածուխի արդիւնահանման նախկին ծաւալները։
Իսկ զարգացող երկիրներու խումբը, առաջին հերթին՝ ափրիկեան պետութիւնները, դժգոհութիւն յայտնած է այն հանգամանքին առնչութեամբ, որ հռչակագիրի նախագիծին մէջ չէ ներառուած 120 միլիառ տոլարի հիմնադրամ ստեղծելու պարտաւորութիւնը։ Այդ հիմնադրամը նախատեսուած էր կլիմայական փոփոխութիւններուն հետեւանքով պատճառուած վնասներուն դիմաց փոխհատուցում տրամադրելու այն երկիրներուն, որոնց տնտեսութիւնները պատասխանատու չեն ջերմոցային կազերու արտանետումներուն համար։