image

Էրտողան հակաեւրոպական կեցուածքով հանդէս եկաւ

Էրտողան հակաեւրոպական կեցուածքով հանդէս եկաւ

Թուրքիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, ուրբաթ օր քննադատած էր Եւրամիութիւնը՝ անոր կողմէ վիզայի համաձանութեան գործադրման մէջ Անգարային առջեւ դրուած պայմանին համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ  Եւրամիութիւնը վերջին փոփոխութիւններու հետ կապուած, Թուրքիայէն պահանջած է վերատեսութեան ենթարկել ահաբեկչութեան վերաբերեալ օրէնքը, որպէսզի իր քաղաքացիները առանց վիզայի եւրոպական երկիրներ ճամբորդելու իրաւունք ստանան:

Էրտողան, զայրանալով նման պայմանի առաջադրումէն, հեռատեսիլով ունեցած իր ելոյթին յայտարարած է՝ «Մենք մեր ճանապարհով պիտի գալենք, դուք ալ՝ ձեր ճանապարհով»:

Աղբիւրի համաձայն, կը նախատեսուի, որ Էրտողանի այս յայտարարութիւնը ձախողցնէ առանց վիզայի թուրքերու Եւրոպա մտնելու վերաբերեալ համաձայնութիւնը:

Նշենք, որ Եւրամիութիւնը եւ Թուրքիան մարտ ամսուն փախստականներու հոսքիկասեցման վերաբերեալ նոյնպէս համաձայնութիւն ձեռք բերած էին: Պայմանագրի համաձայն, բացի վիզայի արտօնութենէն, Թուրքիոյ պիտի տրամադրուէր 3,3 միլիար տոլար՝ փախստականներու ծախսերը հոգալու համար: