Անթիլիասի կաթողիկոսութեան ուխտի անդամ երկու միաբան վարդապետներ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն ուղղուող զինուորական ուղաթիռէն լուսանկար մը մը հրապարակած են: Նշենք, որ Հայաստանեայց Առաքելեական Եկեղեցւոյ երկու վեհափառ հայրապետները հովուական այցով այսօր Արցախ մեկնեցան: Վարդապետ հայրերը կը կոչուին Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան: Հոգշ. Տէր Պետրոս Վրդ. նկարը հրապարակելով գրած է «Բոլորս Արցախ ենք. կ'ուղեկցինք երկու Վեհափառ հայրապետներուն դէպի Արցախ իրենց կատարելիք հովուական այցին ընթացքին»:
