image

Եմէնի նախագահը պիտի հեռանա՞յ իր պաշտօնէն

Եմէնի նախագահը պիտի հեռանա՞յ իր պաշտօնէն

Եմէնի նախագահ Ապըտ Րապու Մանսուր Հատի յայտարարած է, որ ինք նախագահական աթոռը կը յանձնէ միայն այն ժամանակ, երբ ընտրուի անցումային շրջանի համար երկրի յաջորդ նախագահ մը: Այս մասին կը հաղորդէ AFP գործակալութիւնը, նշելով, որ Հատի բացառած է երկրի մէջ տիրող զինեալ հակամարտութիւններու նման ժամանակահատուածի մը նախագահական աթոռը թափուր ձգելը:

 

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հատի թելադրած է պաշտօնէն հեռանալու իր պայմանները, որու համաձայն՝ 10 տարուան արտաքսման ժամկէտով, երկրէն պէտք է հեռանան Եմէնի նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալէհն ու ընդդիմադիրներու ղեկավար Ապտ ալ-Մալէք ալ-Հաուսին: