image

Դանիոյ Խաղաղութեան Մրցանակը` Զարաքօղլուին

Դանիոյ Խաղաղութեան Մրցանակը` Զարաքօղլուին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ծանօթ թուրք մտաւորական եւ գիրքերու հեղինակ, այդ կարգին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հատորներու հրատարակիչ, նախկին քաղբանտարկեալ Ռակըպ Զարաքօլու, որուն դէմ յաճախ բացուած են դատեր, Դանիոյ Խաղաղութեան մրցանակին արժանացաւ, տարիներէ ի վեր մտածումի, արտայայտուելու ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց մարզէն ներս ցոյց տուած իր արտակարգ ջանքերուն համար։

Զարաքօլու այդ մրցանակը պիտի ստանայ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին, Քոփենհակընի մէջ։

Խաղաղութեան այս մրցանակը, ՄԱԿի Տիեզերական մարդկային իրաւանց յայտարարագիրին հիման վրայ՝ կը տրուի այնպիսի անձերու, որոնք առանց բռնարարքներու դիմելու, ժողովրդավարութեան համար պայքար կը մղեն։