Դամասակոսի մէջ պատերազմական իրավիճակը կը շարունակուի, հրթիռակոծման թիրախ դարձնելով խաղաղ բնակիչներու շրջանները: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն:
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ երէկ «Ալ Քուսուր» շրջանին վրայ եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով հայուհի մը վիրաւորուած է՝ Մարի Հարինցեան անունով: Հայուհիին վիճակը կը գնահատուի բաւարար եւ նախնական տուեալներով ան այսօր հիւանդանոցէն դուրս պիտի գայ:

«Սանա» գործակալութեան փոխանցմամբ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Սուրիոյ բանակը թէժ մարտեր կը մղէ մայրաքաղաքի «Հայ Ժոպար եւ արեւելեան «Ղութա» շրջաններուն մէջ, ուր տեղակայուած են «Ալ Նուսրա» ճակատի զինեալները:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ սուրիական բանակը յաջողած է ետ մղել «Ալ Նուսրա»ի զինեալները, որոնք երէկ փորձած էին յառաջխաղացք արձանագրել «Հայ ժոպար»ի հիւսիսային հատուածին մէջ եղող «Մահամէլ» շրջանին մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ նոյպէս մարտեր կը գրանցուին մայրաքաղաքի ծայրամասային համարուող տարբեր շրջաններուն մէջ:

Յիշեցնենք, որ երկու օր առաջ հրթիռարձակման ենթարկուած եւ հրկիզուած էր Ժոպար շրջանի Ֆարէս Խուրի թաղամասին մէջ գտնուող Փամպուքեաններու բնակարանը, որուն հետեւանքով շրջանին մէջ ապրող հայորդիները ստիպուած եղած էին փոխադրուիլ աւելի ապահով վայրեր:
Ըստ մեր աղբիւրին պատերազմական իրավիճակին պատճառով այսօր եւս մայրաքաղաքի բոլոր շրջանները յայտնուած են անդամալուծուած վիճակի մը մէջ: