Լոնտոն- (Լրատուական գործակալութիւններ) 1985 Թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով բրիտանական Փաունտը ամերիկեան տոլարին դիմաց մեծ անկում կրեց: Ըստ «Ռօյթըրզ»ի Փաունտը տոլարին դիմաց անկում կրած է 11% կէտով: Նշենք, որ ներկայ պահու տուեալներով բրիտանացիներու 51.5 առ հարիւրը կողմ քուէարկած են երկրին եւրոպական միութիւնէն դուրս գալուն: Ընտրական 201 կեդրոններու քուէները համրուած են: Նշենք, որ քուարկելու կեդրոններու ընդհանուր թիւը 382 -է: