Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը 5 նոյեմբերին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ, կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատոսութեան գլխասոր վարչութիւնը։
Քննարկուած է հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Երկուստեք կարեւորուած է ներհայկական կապերու ամրապնդումը, տարբեր ուղղութիւններով Արցախի եւ Հայաստանի փոխգործակցութեան խորացումը: