ԱՄՆ իրաւասու մարմինները բացայայտած են Ֆլորիտայի օդակայանին վրայ յարձակում գործած եւ կրակոցներ արձակած անձին ինքնութիւնը, կը գրէ «CNN» լրատուականը:
Ըստ աղբիւրին, 5 քաղաքացիի կեանք խլող եւ 8 անձ վիրաւորող Էսթեպան Սանտիէկօ Ալասքայէն Ֆլորիտա ճամբորդած ժամանակ օդակայանի հսկիչներուն ցոյց տուած է իր զինուորական անձնագիրն ու իր հետ տեղափոխած պայուսակին մէջ գտնուող ատրճանակը:
Ֆլորիտա հասնելով կասկածեալը ստացած է իր ճամպրուկը, անկէ դուրս բերած ատրճանակն ու սկսած է կրակոցներ արձակել:
Կասկածեալը ձերբակալուած է օդակայանի անվտանգութեան աշխատակիցներու կողմէ եւ այս պահին իրաւասու մարմինները կը հարցաքննեն զինք:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, կասկածեալը Ալասքայի Ազգային Պարեկային ծառայութեան նախկին պաշտօնեայ էր, որ անցեալ Օգոստոսին պաշտօնանկ եղած էր՝ անկարգութեան պատճառով:
2010 թուականի 23 ապրիլէն մինչեւ 2011 թուականի 19 փետրուար ծառայած է Իրաքի մէջ՝ որպէս Փորթորիքոյի Ազգային Պարեկային ծառայութեան անձնակազմի անդամ:
Էսթեպան Սանտիէկօ երկրի անվտանգութեան մարմիններու կողմէ հետախուզութեան մէջ չէր գտնուէր, ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ առնչութիւն ունեցողի կարգավիճակ չունէր, եւ երբեք երկրէն դուրս կասկած առաջացնող ճամբորդութիւններ չէր կատարած: Սակայն քանի մը ամիս առաջ «FBI»ի կողմէ հարցաքննութեան ենթարկուելով յայտնած է, որ իր գլխուն մէջ ձայներ կը լսէր, որոնք զինք կը համոզէին «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման միանալու: