ԼՂՀ- Արցախեան սահմանի ընդհանուր իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: Ազրպէյճանեան աղբիւրներ այսօր յայտնեցին , թէ հայկական պաշտպանական ուժերու գործողութիւններու հետեւանքով ունին մէկ զոհ: Նշենք, որ զոհը կը կոչուի Մամէտով Էլշան Վագիֆ Օղլու : Հակառակորդի աղբիւրները նոյնպէս կը տեղեկացնեն, որ բանակի շարքերուն մէջ կան նաեւ վիրաւորեալներ, որոնց վիճակը գնահատուած է, որպէս «ոչ բաւարար»: Նշենք, որ հայկական բանակը երէկ տուաւ 3 նահատաներ: Հայ զինուորները զոհուած էին հակառակորդի կողմէ արձակուած թրքական TR-107 տիպի հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով: