Աշխարահռչակ Շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուր այս ամիս Երեւան պիտի ժամանէ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Ազնաւուրի բանբեր Քրիստինա Սարգսեանի կողմէ: Վերջինս նաեւ յայտնած է, որ Ազնաւուր Հայաստան պիտի գայ մասնակցելու AURORA միջազգային մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական հանդիսութեան: Նշենք, որ մրցանակը հիմնադրուած է ազգային բարերար Ռուբէն Վարդանեանի եւ խումբ մը համախոհներու մասնակցութեամբ եւ այն կը տրամադրուի աշխարհի տարբեր «թէժ կէտեր»ու մէջ մարդասիրական վերաբերմունք եւ օգնութիւն ցուցաբերած գործիչներու: