image

Այաթոլլա Խամէնիի վերակենդանացման բաժին տեղափոխուած է՞

Այաթոլլա Խամէնիի վերակենդանացման բաժին տեղափոխուած է՞

Իրանեան յեղափոխութեան ղեկավար, 78-ամեայ Ալի Խամինիի Թեհրանի հիւանդանոցներէն մէկուն վերակենդանացման բաժինը տեղափոխուած է, համապատասխան բուժում ստանալու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «amadnews.org» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, բժիշկները 78-ամեայ ղեկավարին կատարեալ հանգիստ ստանալու խորհուրդ տուած են, որովհետեւ անոր առողջական վիճակը կտրուկ կերպով վատթարացած է:

Աղբիւրը չէ բացայայտած, թէ ինչ հիւանդութենէ կը տառապի Խամինիի, եւ ոչ անգամ հիւանդանոցին անունը նշած է: