image

Ատոլֆ Հիթլերի տունը վաճառքի պիտի հանուի

Ատոլֆ Հիթլերի տունը վաճառքի պիտի հանուի

Աւստրիոյ խորհրդարանը որոշում ընդունած է վաճառքի հանել այն տունը, ուր ծնած է Ատոլֆ Հիթլեր: Այս մէկը կրնայ առիթ ստեղծել տան տեսքը վերափոխելու կամ զայն հիմնայատակ քանդելու, կը հաղորդէ «Ալ Ճատիտ» լրատուական կայքը:

Ըստ աղբիւրին, որոշումն արժանացած է պատգամաւորներու մեծամասնութեան հաւանութեան, եւ այն վերջ պիտի տայ Աւստրիոյ կառավարութեան եւ թագաւորական ընտանիքին միջեւ գոյութիւն ունեցող տարիներու անհամաձայնութեան, որ առաջացած էր 17-րդ դարուն կառուցուած, գերմանական սահմանին մօտ գտնուող այդ շէնքին պատճառով:

Նշենք, որ 1972 թուականին Աւստրիոյ կառավարութիւնը վարձած էր այն շէնքը, ուր 1889 թուականին ծնած էր Ատոլֆ Հիթլեր՝ նպատակ ունենալով հետեւիլ անոր օգտագործման: Այնտեղ այդ օրերուն կը գործէր հաշմանդամներու խնամքի կեդրոն:

2011 թուականին շէնքի սեփականատէրերը հրաժարած են կրկին վարձակալութեան տալ այն, որմէ ետք շէնքը մնացած է անմարդաբնակ:

Շէնքը վաճառքի հանելու որոշումը հաստատուելէն ետք Վիեննա իրաւունք ստացաւ շէնքին ճակատագիրը որոշելու:

Աւստրիոյ Ներքին Գործոց նախարար Ուոլֆկանկ Սոպոթքա սոյն տարուայ Հոկտեմբերին ճարտարապետական մրցոյթ յայտարարած էր, շէնքի տեսքը վերափոխելու նպատակով: Ան նոյնիսկ ցանկութիւն յայտնած էր շէնքը հիմնայատակ քանդելու, սակայն այդ միտքը մեծ ընդունելութիւն չգտաւ, եւ ըստ երեւոյթին, ներկայիս կառավարութիւնը մտադիր է այն վերածելու վարչական կառոյցի կամ հանրային հիմնարկի, պայմանաւ, որ արտաքին տեսքը փոփոխութեան ենթարկուի, կը գրէ աղբիւրը: