Այսօր՝ 4 դեկտեմբերին, ժամը 10:20-ի սահմաններուն, կորսուած է կապը ամենօրեայ մարտական պատրաստութեան ծրագրով ուսումնամարզական թռիչք իրականացնող ՀՀ զինուած ուժերու ՍՈՒ-25 մարտական ինքնաթիռի հետ:
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Ինքնաթիռը թռիչքային երթուղի դուրս եկած էր ժամը 10:06-ին Գիւմրիի օդակայանէն:
Կ'ընթանան որոնողա-փրկարարական աշխատանքներ:
ՀՀ ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ կորսուած ինքնաթիռին մէջ 2 հոգի եղած է: