image

Արեւմտեան թելադրա՞նք. Կամ դարձեալ խաղաղութեան անտեղի կոչեր կը հնչեն

Արեւմտեան  թելադրա՞նք.  Կամ դարձեալ խաղաղութեան  անտեղի  կոչեր  կը հնչեն

 Անցնող յուլիսին Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին տիրող լարուածութենէն օրեր ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Տիկինը հանդէս եկաւ նամակ-խնդրագիրով մը, որով կոչ կ'ուղղէր Ազրպէյճանի մայրերուն եւ իգական սեռի ներկայացուցիչներուն աշխատանք տանիլ յանուն խաղաղութեան, եւ այլն… Այս նամակ-խնդրագիրը ո՛չ բոլորին կողմէ դրական կերպով ընկալուեցաւ, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլար… (չեմ ուզեր շատ խորանալ այդ մասին…)

Այս օրերուն, արաբական, յատկապէս լիբանանեան մամուլին մէջ սկսան լուրեր տարածուիլ, թէ Մարոնի Եկեղեցւոյ Պատրիարքը՝ Մար Պըշարա Ռահին, անդրադարձ կատարած է հրեաներուն հետ խաղաղութեան մասին մտածելու…, ընդդիմութեան զէնքը վերցնելու, եւ այլնի մասին… Ռահը Պատրիարքի այս արտայայտութիւնները բնականաբար Լիբանանի ժողովուրդին կողմէ դրական կերպով չընկալուեցան  եւ ընդվզումի լայն ալիք բարձրացուցին, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլար…

Եւ այդպէս ալ պիտի ըլլար… ինչո՞ւ համար. որովհետեւ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Լիբանանը պատերզմական գօտիի մէջ գտնուող երկիրներ են, որոնք ունին թշնամիներ, որոնց պատճառվ գրեթէ միշտ երկու երկիրներն ալ զոհեր կու տան, եւ այդ զոհերէն շատերուն արիւնը տակաւին չէ չորցած… Այս լոյսին տակ, խաղաղութեան նման կոչեր տուեալ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն համար բնականաբար անընդունելի են…

Բնականաբար, առողջ տրամաբանութիւն ունեցող մարդուն համար պատերազմը անցանկալի երեւոյթ է եւ ո՛չ ոք կ'ուզէ իր կեանքը պատերազմի ու անկայունութեան մէջ անցնել: Միւս կողմէ սակայն, ո՛չ Հայաստանի ժողովուրդը, ո՛չ ալ Լիբանանի ժողովուրդը իր ապրելու վայրը, երկիրը ընտրած է, առաւել եւս իր դրացիները ընտրած է: Պատմութեան զարգացումներն ու պարագաները բերած են այն վիճակին, ինչ ունինք այսօր, եւ որպէս ժողովուրդ պարտաւոր ենք մեզի պարտադրուած այդ պարագաներուն համապատասխան մարտավարութիւն որդեգրել  եւ պահպանել մեր գոյութիւնը, որպէս ժողովուրդ:

Այս բոլորին լոյսին տակ, ՀՀ.ն Առաջին Տիկնոջ եւ Մարոնի Եկեղեցւոյ Ռահի Պատրիարքին խաղաղութեան կոչերը կամ անդրադարձները մտածել կու տան մեզի, թէ արդեօ՞ք համաշխարհային միապետութիւն մը հիմնելու աշխատանքները լրջօրէն սկսած են, ու սկիզբ առած են Արեւելքէ՞ն արեւմտեան ծրագիրով…

 

Վարանդ Քորթմոսեան

24 Օգոստոս 2020

Վաղարշապատ