ՀՀ կառավարութիւնը այսօրուայ նիստին Արամայիս Գրիգորեանին հաստատեց Արարատի մարզպետի պաշտօնին: Հարցը ներկայացուց ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանը:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Արամայիս Գրիգորեանին մաղթեց արդիւնավէտ աշխատանք:
Նշենք, որ Արարատի մարզպետի պաշտօնէն հրաժարական տուած էր Ռուբիկ Աբրահամեանը:
Արամայիս Գրիգորեանը 2013-էն 2014 նոյնպէս զբաղեցուցած էր Արարատի մարզպետի պաշտօնը: