Նոր Տարուան նախաշէմին, Ռուսիոյ մէջ ուսում ստացող խումբ մը սուրիացի օրիորդներ Սուրիոյ մէջ պատերազմած ռուս զինուորներուն համար «Իւրայատուկ նուէր՝ մոսկուաբնակ սուրիացի օրիորդներէ ռուս զինուորներուն» խորագիրը կրող նախաձեռնութան ծիրէն ներս նուէր օրացոյցներ պատրաստած են, կը գրէ «Russia Today» լրատուական կայքը:
Օրացոյցներու խորագիրն է «Սիրով՝ Սուրիայէն», ուր պատկերուած են Մոսկուայի «Ժամանակակից Արուեստներու ուսումնարան»ի սուրիացի ուսանող օրիորդները՝ Նոր Տարուան առթիւ իրենց բարեմաղթանքներով:
Օրացոյցները բաղկացած են 12-ական էջերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին գլխուն թագ մը կամ ռուսական աւանդական «Քոքոշնիկ» մը կրող ճերմակ զգեստ հագած սուրիացի օրիորդ մը պատկերուած է՝ իր յղած բարեմաղթանքներով եւ ոգեւորիչ խօսքերով:
Օրիորդներէն մէկը գրած է. «Առաջին իսկ օրէն հասկցած էի, որ լաւ մտադրութիւններ ունիք», իսկ ուրիշ մը՝ «Ըսէ ո'վ է ղեկավարդ, ըսեմ՝ ո'վ ես դուն», նաեւ՝ «Երանի թէ հնարաւորութիւն ունենայի տեսնելու, թէ ինչպէ'ս կը վարես ՄԻԿ-ը»:
Սակայն սուրիական ընդդիմադիր տարրերու մօտ ընդվզում առաջացնողն եղած է. «Ապահով կը զգամ, երբ երկիրս քու տիրապետութեանդ տակ է» արտայայտութիւնը: Անոնք զարմանք յայտնած են, թէ ինչպէ'ս կրնան պետական համակարգի համակիրներն ընդունիլ իրենց երկրի գերիշխանութիւնը յանձնել Փութինին:
Ըստ լրատուական աղբիւրներու, օրացոյցներու պատրաստման նիւթական օժանդակութիւնը տրամադրած է Քրեմլինը, ինչը պաշտօնական բնոյթ կու տայ նախաձեռնութեան: