Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի հայերը նշած են Սուրբ Ծննդեան տօնը: Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Անգարայի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը յայտնեց, որ Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակները հաւաքուած են Անգարայի Կաթողիկէ- Ֆրանչիսքեան Սուրբ Թէրէզա եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագ մատուցած ու քարոզած է Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան: Եկեղեցական արարողութեան ներկայ եղած են շուրջ 60 անձեր, որոնց 40-ը Կաթողիկէ հայեր են: Յետ արարողութեան համայնքի անդամները միասին նշած են Սուրբ Ծննդեան տօնը, որուն ընթացքին Սրբազան հայրը հանդէս եկած է յաւուր պատշաճի խօսքով: Աւարտին համայնքի անդամներէն բաղկացող երգչախումբը այս առթիւ կատարած է ազգային- տօնական երգեր:
Անգարայի Կաթողիկէ-Ֆրանչիսկեան Սուրբ Թէրէզա Եկեղեցին. Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի: