ԱՄՆ փակեց իր ներկայացուցչական բոլոր կեդրոնները Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդուեցաւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Աղբիւրը նշեց, որ ԱՄՆ-ի Անգարայի դեսպանատունը, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ հիւպատոսարանը այսօրուընէ սկսեալ եւ ցնոր տնօրինութիւն կը դադրին գործելէ:
Ըստ աղբիւրին ԱՄՆ այս որոշումը կայացուցած է նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակը եւ ապահովական առկայ բարդ պայմանները: Յիշեցնենք, որ երէկ Անգարայի մէջ ահաբեկչութեան զոհ գնաց Թուրքիոյ մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Գարլովը: