image

ԱՄՆ Պետքարտուղար Ճոն Քէրրի ներողութիւն խնդրած է Թուրքիայէն

ԱՄՆ Պետքարտուղար Ճոն Քէրրի ներողութիւն խնդրած է Թուրքիայէն

ԱՄՆ-ի Կեդոնական հետախուզական վարչութիւնը (CIA) եւ պետքարտուղար Ճոն Քէրրին ներողութիւն խնդրած են Թուրքիայէն, վերջինիս «Իսլամական պետություն» ահաբեկչական կազմապերութեան հետ նաւթի առեւտուր իրականացնելու մէջ մեղադրելու համար: Թրքական «Sabah»-ը կը նշէ, որ Քէրրին 2014-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց անախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին ըսած էր, որ ամերիկեան կողմի ձեռքը կան տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ, որոնց համաձայն՝ Թուրքիան ԻՊ-էն  նաւթ կը գնէ: Ապա Քէրին  նշեալ տեղեկութիւնները եւ լուսանկարները  փաթեթի տեսքով յանձնած է թրքական կողմին:  Վերջինս ալ զանոնք փոխանցած է երկրի հետախուզութեան ծառայութեան:

Ըստ թրքական աղբիւրի՝ իրականացուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով պարզուած է, որ նշեալ տեղեկութիւնները իրական չեն: Իսկ լուսանկարներու մէջ պատկերուած են Թուրքիոյ Քիլիս քաղաքի շինարարական բեռերու փոխադրման համար նախատեսուած բեռնատարները: