image

ԱՄՆ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելը կրնայ խորտակել Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն հաստատելու գործը.Ուրայքաթ

ԱՄՆ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելը կրնայ խորտակել Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն հաստատելու գործը.Ուրայքաթ

Պաղեստինի Ազատագրման կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Սայէպ Ուէայքաթ զգուշացուցած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբը, յայտնելով որ վերջինիս ԱՄՆ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելու մտադրութիւնը կրնայ խորտակել Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն հաստատելու գործողութիւնները, կը գրէ «Ալ Քուտս» լրատուական կայքը:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Ուրայքաթ նշած է, որ Երուսաղէմը պէտք է բացառապէս Իսրայէլի եւ Պաղեստինի քննարկման առարկան ըլլայ, եւ ներկայիս անոր հետ կապուած որեւէ որոշման կայացումը կը խորտակէ խաղաղութեան հաստատման գործողութիւնները: