Իրան- («Էլ Նաշրա»- Պէյրութ) Ըստ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի խօսնակին, Տահէշի աւելի քան հարիւր հազար զինեալներ կան միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ: Ալի Լարիժանի, որ այս մասին խօսած է, նաեւ ըսած է, որ երեւելի է, որ Տահէշի դէմ գործի դրուած պայքարը անլուրջ է: Իրանցի պատասխանատուն նաեւ նշած է, որ Տահէշի մօտ ունի երեսուն միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ զէնքեր, եւ այդ մէկը լաւագոյն ապացոյցն է, որ արեւմուտքը վճռական չէ Տահէշի դէմ իր պայքարին մէջ: Լարիժանի նաեւ ըսած է, որ եթէ իրավիճակը այս հունով շարունակուի, ապա Իրան բաւարար ուժ ունի ահաբեկիչներուն դէմը առնելու: