Բրիտանական «The Guardian» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր կը յայտնէ, թէ «Ալ Քաիտէ» օգտուելով «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կրած պարտութենէն, կը փորձէ վերջինիս անդամները սիրաշահիլ ու գրաւել զանոնք, համալրելու համար իր շարքերը:
Թերթին համաձայն, «Ալ Քահիտա» «Տահէշ»ի անդամները իր շարքերուն միացնելու երկու գործողութիւն ձեռնարկած է, որոնցմէ առաջինը Ալճերիոյ մէջ, երկրոդը՝ Սուրիոյ:
Ըստ թերթին ձեռք բերած տուեալներուն, անցնող օգոստոս ամսուան ընթացքին «Տահէշ»ի 10 զինեալներ միացած են «Ալ Քաիտէ»ին, մինչդեռ Սուրիոյ մէջ զօրակոչման գործողութիւնները մեկնարկած են սեպտեմբերին, եւ թիրախ հանդիսացող երկիրները Եէմէնը, Աֆղանիստանը, Սուրիան ու Իրաքն են:
Նշուած է նաեւ, որ «Ալ Քաիտէ»ին միանալու պատճառներէն են «Տահէշ»ի վերջին շրջանին կրած մեծ պարտութիւնները, Ապու Պաքր Ալ Պաղտատիի անհետացումը, ինչպէս նաեւ ղեկավարներուն ունեցած ոչ բարեխիղճ վերաբերմունքը զինեալներուն նկատմամբ: