image

1.5 Միլիոն իսլամ այսօր «Արաֆա» լեռը կը բարձրանայ

1.5 Միլիոն     իսլամ  այսօր «Արաֆա»  լեռը  կը բարձրանայ

1.5 Միլիոն  իսլամ հաւատացեալներ այսօր   «Արաֆա լեռ»  բարձրանալով    քարեր պիտի նետեն  ու սադայէլը նզովեն : Նշենք, որ     «Ալ Ատհա»  տօնին առթիւ եղող ամէնամեայ ուխտագնացութեան      տարբեր երկիրներէ  շուրջ 1.3 միլիոն իսլամ ուխտաւորներ Սէուտական Արաբիա  հասած էին եւ անոնց աւելի ուշ միացած էին      Սէուտական Արաբիոյ տարբեր   շրջաններէն ուխտագնացութեան մասնակցող   200 հազար ուխտաւորներ:  Ուխտաւորները այսօր     պիտի բարձանան  «Ալ Արաֆա» լեռը, ուր ամբողջ օրը պիտի անցընեն աղօթքներով, անոնք իրենց գիշերը պիտի անցընեն  «Ալ Մունա» շրջանին մէջ ու վաղը       ընդունուին, որպէս   իսլամական ուխտը   կատարած  «մահտեսի»ներ:  Նշենք, որ անցեալ  տարի    այս  օրերուն  700-է  աւելի իրանցի   հաւատացեալներ զոհուած էին   Մունայի մօտ եղած   հրմշտուքին   պատճառով, որուն հետեւանքով  Իրան  առկախեց, իր մասնակցութիւնը իսլամական աշխարհի  ամէնէն մեծ  կրօնական    ուխտագնացութեան: