7 Մայիսին, ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէին կազմակերպած յատուկ հանգանակային ձեռնարկին ընթացքին գոյացած է 101,000 տոլար: «Դրօ» Կոմիտէն իր տարեկան հանգանակային այս ձեռնարկը նուիրած էր Արցախին: ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սարգիս Նուրեանի հաղորդմամաբ, հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Արցախի աւերուած շրջաններու վերականգնումին եւ նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան նպատակին՝ «Արցախի Հետ» կարգախօսով ձեռնարկուած հանգանակային ընդհանուր արշաւի ծիրէն ներս: Ձեռնարկի ընթացքին «Դրօ» կոմիտէն պատուած է նաեւ այաստանին ու Արցախին տարիներ շարունակ միլիոնաւոր տոլարի առողջապահական սարքեր ու դեղորայք նուիրած՝ Մայք Սարեանին:
Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ