Լիբանան-(«Ալ-Ժումհուրիա»-Պէյրութ)- 1 Միլիառ ամերիկեան տոլարի հասնող գումարներ ներհոսած են դէպի լիբանանեան դրամատուները: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժուհուրիա» պարբերականը: Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ 2016 տարուան առաջին 4 ամիսներուն արտաքին գումարներու դէպի Լիբանան հոսքը եղած է շատ դանդաղ եւ սակայն մայիս ամսուընէ սկսեալ արտաքին աւանդներու երեւելի հոսք նկատուած է եւ ներհոսող գումարները հասած են շուրջ 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի: Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ անցեալ տարի այս շրջանին դէպի լիբանանեան դրամատուներ ներհոսած գումարը կը գնահատուէր 400 միլիոն ամերիկեան տոլարով: