Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ 22 յունուարին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան կարգ` Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի ճարտարա-սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով զոհուած զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։ Այս մասին կը տեղեկանանք Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնն Ամենայն Հայոց Հայրապետի նախագահութեամբ հոգեհանգստեան արարողութեան պիտի մասնակցի Սուրբ Գայանէ վանքին մէջ։
Ս. Պատարագի սկիզբը` ժամը 11:00-ին: