Հռոմի կարգավիճակի վաւերացումը ցոյց կու տայ Հայաստանի հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը։
«Իւրաքանչիւր նոր երկրի անդամակցումը մեզի աւելի կը մօտեցնէ համընդհանուր մասնակցութեան եւ ամենածանր յանցագործութիւններու անպատժելիութեան վերջ տալուն»,-նշած է ան։