Էջմիածնի եւ Երեւանի համայնապատկերները 1672 թուականին... Ֆրանսացի ճանապարհորդ Ժան Շարտէնը (1672-1673) թթ. ճանապարհորդեց Կ.Պոլսէն` Սեւ ծովով դէպի Վրաստան, Արեւելեան Հայաստան եւ Պարսկաստան: Անոր հետ էր նաեւ նկարիչ Ժոզէֆ Կրէլոն, որ ճանապարհորդութեան ընթացքին կատարեց արժէքաւոր նկարներ, որոնք յետագային արտատպուեցան որպէս (կրավիւրներ) փորագրանկարներ` այդ շարքին նաեւ ներկայացուող Էջմիածնի և Երեւանի յայտնի համայնապատկերները: Շարտէնի ճանապարհորդութեան մասին պատմող ուշագրաւ տեղեկութիւններով եւ Կրէլոյի պատմական մեծ արժէք ներկայացնող կրավիւրներով գիրքը տպագրուեցաւ ֆրանսերէն լեզուով 1686-ին Լոնտոնի մէջ, այնուհետեւ լրացուած եւ ամբողջական տարբերակով` 1711-ին Ամսթրտամի մէջ: Իսկ ահա ռուսերէն թարգմանութեամբ Շարտէնի աշխատութիւնը առաջին անգամ տպագրուեր է 1902 թ. Թիֆլիսի մէջ` Մ. Մարտիրոսեանցի տպարանին մէջ:Իր գրքին մէջ Շարտէնը Արեւելեան Հայաստանը կը ներկայացնէ բացառապէս «Արմենիա» տեղանունով, նշելով, որ Երեւանը, որ այն ժամանակ համանուն կուսակալութեան վարչական կեդրոնն էր` «շատ բարեբեր բնակլիմայական պայմաններով խոշոր քաղաք է» (Շարտէնի այցելութենէն յետոյ 1679-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժ): Այստեղ, ըստ Շարտէնի, բուն քաղաքի թաղամասերուն մէջ կ'ապրին հայեր, իսկ բերդի մէջ` կուսակալի նստավայրն է եւ տեղակայուած է պարսկական կայազօրը: Դուինէն դէպի Նախիջեւան ճանապարհը Շարտէնը կը նկարագրէ այսպէս. «Մենք անցանք Արփա գետը, որու ջուրերով կը ոռոգուին այստեղի հողատարածքները: Այդ գետը կը բաժնէ Հայաստանը երկու մասի. Հայաստանի վերին հատուածը մայրաքաղաքն է՝ Երեւանը, իսկ ներքին մասինը արդէն` Նախիջեւանը»:
Մէջբերենք նաեւ այսպիսի հետաքրքիր հատուած մը Շարտէնի գիրքէն. «Այդ պետութեան (Երեւանի կուսակալութիւն) մեծահարուստները կը սիրեն անցընել իրենց ամառային հանգիստը քաղաքէն (Երեւան) դուրս` գիւղի, գեղատեսիլ լեռնային շրջաններու մէջ: Այստեղ անոնք կը հանգստանան քաղաքային կեանքէն, կը զբաղուին որսորդութեամբ, ձուկ կը բռնեն, ձի կը քշեն կամ ուղղակի կը զբօսնեն, մէկ խօսքով` կը վայելեն բնութեան զովութիւնն ու գեղեցկութիւնը: Սա իրենք կ'անուանեն «ելակ», այսինքն` քաղաքէն դուրս երթալ»: