image

Զատուլինի մուտքը արգիլուած. Ռուս գործիչը անցանկալի ա՞նձ Հայաստանի համար

Զատուլինի մուտքը արգիլուած. Ռուս գործիչը անցանկալի ա՞նձ Հայաստանի համար

«Հայկական ժամանակ»-ի տեղեկութիւններով՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ Կոնսթանթին Զատուլիի մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն արգիլուած է։

Զատուլին այլեւս կը համարուի անցանկալի անձ Հայաստանի մէջ։

Յիշեցնենք՝ իր հրապարակային հարցազրոյցներուն մէջ Զատուլին բազմիցս մեղադրած է ՀՀ իշխանութիւնը 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան համար:

Աւելին՝ ներխուժելով Հայաստանի ներքաղաքական կեանք՝ Զատուլին մէկ անգամ չէ, որ բարձրաձայնած է, թէ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ։ Զատուլին նաեւ ՀՀ իշխանութիւնները մեղադրած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մէջ սեպ խրելու մէջ։ Իսկ Հայաստան կատարած վերջին այցելութեան ժամանակ «Երկիր Մետիա»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ան մեղադրած էր վարչապետը ՀՀ ինքնիշխան տարածքով «միջանցք» տրամադրելու մասին փաստաթուղթ ստորագրելու մէջ։ «Հնարաւոր միջանցքի շուրջ հարցերը պէտք է տալ ստորագրողներին, «միջանցքը» ստորագրել է Փաշինեանը»,-ըսած էր Զատուլին։

Նկատենք, սակայն, որ 9  նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ խօսք անգամ չկայ ՀՀ ինքնիշխան տարածքով միջանցքի մասին։ Յայտարարութեան մէջ կը խօսուի միայն Լաչինի միջանցքի մասին։