image

«Զարկաւ ինծի ու սկսաւ լալ» Էրտողանի կուսակցութիւնը կը հերքէ այն լուրը, թէ վարձկաններ ուղարկած է Ատրպէյճան

«Զարկաւ ինծի ու սկսաւ լալ» Էրտողանի կուսակցութիւնը կը հերքէ այն լուրը, թէ վարձկաններ ուղարկած է Ատրպէյճան

Եգիպտական «Պաուապէդ Ալ Ֆաճըր»ը («Արշալոյսի Դուռ») կը գրէ.

Թուրքիոյ Նախագահ Ռաճէպ Թայէպ Էրտողանի գլխաւորած «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը հերաքած է, թէ Թուրքիան սուրիացի վարձկաններ ուղարկած է Ղարաբաղ, ինչպէս նաեւ հայկական ինքնաթիռ խփած:

Կուսակցութեան խօսանկը ըսած է, թէ «այն պնդումները, որ Թուրքիան ռազմական ինքնաթիռ խոցած է, իրականութեան չեն համապատասխաներ: Այդ պնդումը սուտ է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ այնտեղ ճիհատականներ ուղարկելու մեղադրանքները»:

Ըստ «Ալ Մատատ» լրատուականի հրապարակած տեսաերիզի մէկ հատուածին կը նշմարուի Էրտողանի վարձկաններուն ճամբորդութիւնը Սուրիայէն Ատրպէյճան: Այդ ճամբորդութիւնը կը սկսի Սուրիայէն՝ վարձկաններու հաւաքագրումի կեդրոններէն, ապա կը տեղափոխուին փորձաուսումնական ճամբարներ, ուրկէ անոնք բարձր աշխատավարձի պայմանագիրներ ձեռք կը բերեն, ու ապա Ատրպէյճան կը տեղափփոխուին:

Վարձկաններուն ճամբորդութիւնը առանց զէնքի չէ եղած բնականաբար, այլ՝ հսկայական քանակութեամբ զէնքերով: Եւ մինչ ողջ աշխարհը կոչ կ'ընէ խաղաղեցնելու լարուածութիւնը Ղարաբաղի մէջ, Թուրքիոյ Նախագահը սակայն, առանձին հակառակ կողմը կանգնած է եւ կ'աշխատի լարուածութիւնը աւելի բոցավառել:

Թուրքիոյ նկատմամբ մեղադրանքներ հնչեցին՝ հազարաւոր սուրիացի վարձկաններու Ատրպէյճան տեղափոխելու մէջ, աջակցելու համար ազերիներուն: Սուրիական կողմը յայտնած է, որ Անգարան մօտ 300 վարձկաններ փոխադրած է, որոնց մեծ մասը Սուլթան Մուրատի եւ Սուլթան Սուլէյման Շահի խմբաւորումներէն են:

Վարձկաններուն տեղեկացուցած են, թէ իրենց ուղղութիւնը Ատրպէյճանն է, իսկ նպատակը՝ պաշտպանել Ատրպէյճանի սահմանը 2000 ամերիկեան տոլարի դիմաց: Նշենք նաեւ, որ Անգարան տարիներ շարունակ Պաքուին զէնք եւ զինամթերք կը մատակարարէ, այնքան որ Պաքուն թրքական զէնքի եւ զինամթերքի վաճառքի կարեւոր շուկայ մը դարձած է: