image

Ատրպէյճանը մէկ քայլ հեռու է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն. ատրպէյճանցի պատգամաւոր

Ատրպէյճանը մէկ քայլ հեռու է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն. ատրպէյճանցի պատգամաւոր

Այսօր Ատրպէյճանը միայն մէկ քայլ հեռու է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելէ, սակայն ատոր կը խոչընդոտէ մէկ խնդիր՝ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի «Միլլի Մեճլիս»ի պատգամաւոր Սիաւուշ Նովրուզովը։

«Հայաստանը ժամանակին յետադիմական քայլ կատարած է՝ իր Սահմանադրութեան մէջ ամրագրելով տարածքային յաւակնութիւններ [Ատրպէյճանի] նկատմամբ, որ այսօր խաղաղութեան ճանապարհին գլխաւոր խոչընդոտն է։ Այդ դրոյթին չեղարկումը խաղաղութեան հասնելու հիմնական պայմանն է», — ըսած է Նովրուզով։