image

«Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխան հարցն է. Քրեմլ

«Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխան հարցն է. Քրեմլ

«Զանգեզուրի միջանցք»ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխան հարցն է, իսկ Ռուսիան կողմ է երկիրներուն միջեւ շուտափոյթ խաղաղութեան հաստատման։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

«Ռուսիան ամէն կերպ կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւններուն», — ըսած է ան։

Փեսքովը ընդգծած է, որ Ռուսիան պատրաստ է, անհրաժեշտութեան պարագային, օգնել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ձեռքբերուման հարցով։

«Մենք ամէն ձեւով կ՚աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններուն։ Կ՚ուզենք, որ Պաքուն եւ Երեւանը հնարաւորինս շուտ ստորագրեն համաձայնագիրը։ Մենք պիտի պահպանենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ անհրաժեշտութեան պարագային ցուցաբերելու որեւէ անհրաժեշտ օգնութիւն այս գործընթացին», — ըսած է Փեսքովը լրագրողներուն։