image
Հրատապ լուրեր:

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման աշխատանքները կը մօտենան աւարտին. Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման աշխատանքները կը մօտենան աւարտին. Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան

«Զանգեզուրի միջանցք»ը պիտի կապէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը. «միջանցքի» բացման աշխատանքները սրընթաց առաջ կ'ընթանան, կը մօտենան աւարտին։ Այս մասին TRT Haber-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ռաշատ Մամետովը, հաղորդած է ԱՊԱ-ի թղթակիցը Պոլսոյ մէջ։

«Զանգեզուրը հող է, որ մեզմէ խլած են 1920 թուականին Խորհրդային Միութեան ժամանակ եւ փոխանցած Հայաստանին։ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սահմանին պատնեշ տեղադրուած է, խոչընդոտներ ստեղծուած են»,-ըսած է ան։

Ատրպէյճանցի դեսպանի պնդմամբ՝ «Զանգեզուրի միջանցքով» Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ հեռաւորութիւնը կը կրճատուի մինչեւ 38 քիլոմեթր, որու միջոցաւ «Թուրքիան կապ կը հաստատէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ»։

Մամետովը նաեւ ըսած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի նախագիծը Հայաստանի համար կարեւոր է սեփական անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէ։

«Զանգեզուրի միջանցքը իրականութեան մէջ լաւ նախագիծ է Հայաստանի զարգացման համար՝ ապահովելով անոր ապագան։ Վերջին 30 տարիներու ընթացքին Հայաստանը դուրս մնացած է բազմաթիւ նախագծերէ»,-ըսած է ան։