Երեւանի մէջ վերջերս յայտարարած են այն մասին, որ ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) հեռացած է Հայաստանի տարածքէն, յետոյ սկսած են յայտարարել, որ իրենք սառեցուած են այդ կազմակերպութենէն ներս. կը ցանկայի հասկնալ՝ ով ուր կը գտնուի։ Այս մասին շաբաթական ճեպազրոյցին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնն այն մասին, որ Հայաստան սառեցուցած է իր մանակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին մէջ։
«Իւրաքանչիւր բառի, իւրաքանչիւր արտայայտութեան ետեւը պէտք է ոչ միայն իմաստ ըլլայ, ինչ որ չափազանց կարեւոր է, այլ նաեւ, եթէ այն արտաբերուած է պաշտօնական անձի կողմէ, պատասխանատուութիւն ըլլայ ոչ միայն ըսուածի, այլեւ հետեւանքներու համար։ Երեւան տէ-ժիւրէ կը մնայ ՀԱՊԿ-ի լիիրաւ անդամ եւ կը պահպանէ համապատասխան իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կողմնակից է այդպիսի փոխգործակցութենէն հեռանալու գիծին, ինչ որ, մեր կարծիքով, կը հակասէ հայ ժողովուրդի շահերուն։ Եւ կ'ակնկալենք, որ Հայաստանի եւ ողջ տարածաշրջանի ապագայ անվտանգութեան շահերէն ելլելով՝ Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը ՀԱՊԿ-ի ծիրէն ներս լիարժէք վերականգնուի։ Բառախաղը կրնայ լաւ բանի չհասցնել, մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք, որ տարածաշրջանին մէջ կան ոչ քիչ փորձութիւններ»։