image
Հրատապ լուրեր:

Յունուար 23-էն վարժական հաւաքներ պիտի կայանան

Յունուար 23-էն վարժական հաւաքներ պիտի կայանան

2024 թուականի յունուար 23-էն ապրիլ 12-ը Հայաստանի մէջ պիտի յայտարարուին պահեստազօրի առաջին խումբի առաջին եւ երկրորդ կարգերուն մէջ հաշուառուած շարքային, ենթասպայական եւ սպայական կազմերու պահեստազօրայիններու վարժական հաւաքներ։

Համապատասխան որոշումը 21 դեկտեմբերին ընդունուած է կառավարութեան նիստի ժամանակ։

Վարժական հաւաքներուն պիտի ներգրաւուի մինչեւ 2838 քաղաքացի, որոնցմէ 2579-ը՝ շարքային եւ կրտսեր ենթասպայական կազմերու, 98-ը`աւագ ենթասպայական կազմի, 161-ը`սպայական կազմի պահեստազօրայիններ՝ համազօրային մոթոհրաձգային, կապի, հետախուզական, ճարտարապետական, հրթիռա-հրետանային մասնագիտութիւններով:

Վարժական հաւաքներուն իւրաքանչիւր քաղաքացի պիտի ներգրաւուի ոչ աւելի, քան 25 օրացոյցային օր ժամկէտով։