image

Յունահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Սրբազանի այցը՝ ՀՀ Դեսպանին

Յունահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Սրբազանի այցը՝ ՀՀ Դեսպանին

Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»էն կը կարդանք՝ 

Ուրբաթ¸ 8 Ապրիլ 2022–ին¸ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան¸ ընկերացութեամբ ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեանի¸ Կրօնական ժողովի անդամ Նարեկ քհնյ. Շահինեանի¸ Քալամաթայի հայ համայնքի Թաղական խոհուրդի անդամներ՝ ատենապետուհի տիկ. Սոֆիա Յարութիւնեանի¸ փոխ-ատենապետուհի տիկ. Արփինէ Յակոբեանի¸ ատենադիիր պրն. Յովհաննէս Աբրահամեանի այցելեցին Յունաստանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտիչեանին¸ դեսպանատան գրասենեակին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ այս առիթով հակիրճ պատմականով ներկայացուց Քալամաթայի հայ համայնքի կազմակերպման աշխատանքներու հոլովոյթը¸ նաեւ ծանթացուց Քալամաթայի Թաղական խորհուրդի անդամները։ 

Պրն. դեսպանը իր կարգին ուրախութիւնը յայտնեց ծանօթացման համար¸ նշելով, որ Յունաստանի մօտ իր դիւանագիտական պատասխանատուութիւններու եւ գործունէութեան կարգին¸ կարեւոր կը նկատէ տեղւոյն հայկական կեանքին հետ ըլլալու¸ համայնքներուն յաճախակի այցելելու եւ հաղորդակցութեան մէջ մնալու եւ հարկ եղած աջակցութեամբ նեցուկ կագնելու համայնքային կեանքին։

Քալամաթայի ներկայացուցիչի կողմէ եղած հարցադրումի առնչութեամբ¸ թէ հայ համայնքները ինչպէս կրնան օգտակար ըլլալ Հայաստանին¸ պրն. դեսպանը պատասխանեց ըսելով¸ Յունաստան հաստատուած Հայաստանի հայրենակիցներն յատկապէս¸ երկու բան հարկ է կատարեն։ Առաջին¸ անհրաժեշտ նկատեց, որ անոնք աջալուրջ ըլլան իրենց անձնական կեանքի շրջանակներու մէջ պահապանելու հայկական ինքնութիւնն ու մայրենի լեզուն¸ յատկապէս երեխաներու պարագային.  երկրորդ¸ բոլոր պարագաներուն Հայրենիքի կողքին ըլլալ միակամ։ 

Սոյն այցելութեան առթիւ¸ Առաջնորդ Սրբազան հայրը հրաւիրեց պրն. Դեսաանին ներկայ գտնուելու¸ 18 Ապրիլ 2022-ին Քալամաթային մէջ տեղւոյն քաղաքապետարանի եւ հայ համայնքի գործակցութեամբ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին։