image

Յունաց արտաքին գործոց նախարարը Երեւան ժամանեց

Յունաց արտաքին գործոց նախարարը Երեւան ժամանեց

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորղոս Կերափեթրիթիսը, երէկ ուշ գիշեր, պաշտօնական այցով ժամանեց Երեւան։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը, Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարի օդանաւը վայրէջք կատարած է «Զուարթնոց» օդակայան։

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարն այցի ընթացքին պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Եորղոս Կերափեթրիթիսը պիտի հանդիպի ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, որմէ ետք նախարարները հանդէս պիտի գան համատեղ մամուլի ասուլիսով։