image

Յուլիսին պիտի բացուի «Քալաշնիքով» արտադրող հայաստանեան գործարանը

Յուլիսին պիտի բացուի «Քալաշնիքով» արտադրող հայաստանեան գործարանը

Յուլիսի առաջին տասնօրեակին Հայաստանի մէջ պիտի բացուի «Քալաշնիքով» հրացաններ արտադրող գործարանը:

Այս մասին InfoPort.am կայքին յայտնած է ձեռնարկութեան ղեկավար կազմի ներկայացուցիչ Իկոր Կարտիենքոն:

Գործարանը հիմնուած է «Նեյթրոն Կամ» եւ ռուսական «Քալաշնիքով» ընկերութիւններու համագործակցութեան պայմանագրի հիման վրայ, որ վերջնականապէս կնքուած է  25 մայիս 2020-ին, 10 տարի ժամկէտով: 
Այդ պայմանագիրը ՌԴ-ի մէջ անցած է համաձայնեցման եւ հաստատման երկար ճանապարհ: Նախ կ'ըլլան միջգերատեսչական եւ թեխնիքական բնոյթի այլ համաձայնեցումներ, որուն կը հետեւի ՌԴ նախագահի հրամանագիրը: ՌԴ նախագաhի հրամանագիրը եղած է 2019-ի օգոստոսին, որմէ ետք դաշնային ռազմաթեխնիքական ծառայութիւնը (ФС ВТС) հաստատած է եւ թոյլատրած է կնքել պայմանագիր ընկերութիւններու միջեւ տասը տարի ժամկէտով: Անկէ ետք ալ ամէն տարի այդ պայմանագիրը պէտք է երկարացուի համապատասխան պայմաններու ապահովման պարագային միայն:

Սկզբնական շրջանին ռազմարդիւնաբերական գործարանին մէջ պիտի կատարուի АK103 տեսակի հրացաններու հաւաքումը։  Հրացանի մասերը պիտի բերուին Ռուսիայէն եւ ձեռնարկութեան արտադրամասերուն մէջ պիտի հաւաքուին զերոյէն: