image

Ըստ Սերկէյ Լաւրովի «3+3» ձեւաչափը քննարկման օրակարգ է

Ըստ Սերկէյ Լաւրովի «3+3» ձեւաչափը քննարկման օրակարգ է

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Մոսկուայի մէջ իրանցի պաշտօնակից Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանի հետ բանակցութիւններուն ժամանակ քննարկուած է Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ «3+3» ձեւաչափի ստեղծման գաղափարը:

Լաւրով ընդգծած է, որ Ռուսաստանը նպաստած է մէկ տարի առաջ պատերազմի դադարեցման ու Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ համաձայնագրի կնքման, որու հետեւանքով ռուս խաղաղապահներ տեղակայուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Այդ նոյն համատեղ յայտարարութիւնը սկզբունքներ կը պարունակէ, որոնցով կ'որոշուին կարգաւորման ուղղութեամբ հետագայ քայլերը, այդ շարքին՝ տարածաշրջանին մէջ բոլոր ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղուած աշխատանքները, որմէ պիտի շահին ոչ միայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, այլեւ՝ Վրաստանը, Իրանը, Ռուսաստանը եւ Թուրքիան: Այդ ղիրին մէջ քննարկած ենք «3+3» ձեւաչափի ստեղծման նախաձեռնութիւնը, որ պիտի ներառէ երեք կովկասեան երկիրները եւ 3 մեծ հարեւան երկիրները՝ Ռուսաստանը, Թուրքիան եւ Իրանը», ըսած է Լաւրով:

Վերջինս շեշտած է, որ իրանեան կողմը դրական կը վերաբերի այդ նախաձեռնութեան: «Դրական արձագանգած են նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ, կ'աշխատինք մեր հայ գործընկերներուն հետ: Յոյսով ենք, որ Վրաստանը եւս հետաքրքրութիւն կը տեսնէ նման ձեւաչափին միանալու համար», յաւելած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը: