image

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոցին Զելենսքին չունի օրինականութիւն

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոցին Զելենսքին չունի օրինականութիւն

Ուքրանիոյ ժողովուրդը պէտք է նոր ղեկավարութիւն ընտրէ՝ Ռուսիոյ հետ յուշագիր ստորագրելու համար, յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւական բաժնի տնօրէն Մաքսիմ Մուսիխինը։ Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յարմար չէ ստորագրողի դերի համար, քանի որ ան «վաղուց կորսնցուցած է նոյնիսկ ներքին օրինականութիւնը»։

Այս մասին գրած է kommersant.ru-ն:

Ըստ Մուսիխինի, պէտք է վստահ ըլլալ, որ ուքրանական կողմէ համաձայնագիրը պիտի ստորագրէ «մարդ, որ ատոր համար ժողովուրդէն մանթատ ունի», հակառակ պարագային «խնդիրներ կ՚ըլլան»։

«Ուքրանիոյ ժողովուրդը պէտք է ազատ ընտրէ իր նոր առաջնորդը... Խորհրդարանի ղեկավարը ստորագրելու որոշակի լիազօրութիւն ունի: Կը թողե՞ն անոր այդ քայլին դիմել իր երկրի մէջ, մեծ հարց է», -ըսած է ռուս դիւանագէտը:

Մայիս 19-ին Միացեալ Նահանգներու նահագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ Մոսկուան պատրաստ է աշխատելու Քիեւի հետ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ յուշագրի շուրջ։

Ըստ Axios հարթակի աղբիւրներու, Թրամփ խնդրած է իր ռուս գործընկերոջը ներկայացնել պայմաններ, «որուն անոնք կրնան համաձայնիլ»: The Wall Street Journal-ը գրած է, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ յաջորդ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան յունիսի կէսերուն։