Ռուսաստանը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահներէն այս կամ այն կերպ աշխատանքը վերսկսելու ազդանշաններ չէ ստացած: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան` պատասխանելով այն հարցին, թէ չեն դիմած արդեօք Ուաշինկթընի եւ Փարիզի ներկայացուցիչները Ռուսաստանի Դաշնութեան` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային շուրջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին աշխատանքը ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան բարձր դիւանագիտական աշխուժութեան լոյսին ներքոյ վերսկսելու պատրաստակամութեամբ:
«Մենք նման ազդանշաններ չենք ստացած: Մենք անոնց չենք սպասեր... Վերոյիշեալ «բարձր դիւանագիտական աշխուժութիւնը» նկատելիօրէն աճեցաւ, երբ Ուաշինկթընն ու Փարիզը փաստացի կաթուածահար ըրին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի երեք համանախագահներու երբեմնի լաւ համակարգուած աշխատանքը` հրաժարելով մեր մասնակցութեամբ համագործակցութենէն: Նմանատիպ հաընկնումները պատահական չեն ըլլար: Ինչպէս նաեւ ռուս-ատրպէյճանա-հայկական յայտնի պայմանագրերու թեման (Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի զատում եւ գծում, ճանապարհային հաղորդակցութիւններու վերականգնում) եւ անցեալ տարի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած օրակարգը (հրատապ մարդասիրական խնդիրներու լուծում, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստում) ամենաբարձր մակարդակով իւրացնելու Պրիւքսէլի անամօթ փորձերը:
Այս առումով կը հաստատենք մեր անվերապահ հաւատարմութիւնը Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու` 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի յայտարարութիւններու հետեւողական իրականացման: Միեւնոյն ժամանակ, մենք վճռական ենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման բոլոր հնարաւոր ուղիներով նպաստելու հարցով, որոնց հետ մենք պատմականօրէն կապուած ենք բարեկամական, դաշնային եւ գործընկերային կապերով», ըսած է Զախարովան: