image

Ըստ Փեսքովի ռուսերն են շրջանի անվտանգութեան երաշխաւորը

Ըստ Փեսքովի ռուսերն են շրջանի անվտանգութեան երաշխաւորը

Արեւմտեան որոշ երկիրներ կը փորձեն ապակայունացնել իրավիճակը Ղարաբաղի շուրջ եւ բացայայտ տարածաշրջանին մէջ կը պայքարին Ռուսիոյ դէմ, ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը «Ռոսիա 1» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը:

«Երեւի 3, 4, 5 տարի առաջ նման պայքարը կը տարուէր դիւանագիտական դիմակներու ներքոյ։ Այժմ այդ դիմակները վաղուց արդէն նետուած են, եւ պայքարը կը մղուի դէմ առ դէմ՝ բաց երեսով», -ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը լրագրող Պաւէլ Զարուպինի հետ զրոյցին՝ մեկնաբանելով արեւմտեան քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւնները «ռուս խաղաղապահները, զինուորականները տարածաշրջանէն վտարելու, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի կապերը խզելու ուղղութեամբ նպատակներու մասին»։

«Իրօք, շարք մը երկիրներ դեռ կը փորձեն ապակայունացնել իրավիճակը Ղարաբաղի շուրջ, որ, ի դէպ, յանգեցուց անոր, որ ատրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այդ երկրները դժուար թէ յաւակնին միջնորդի որեւէ դերի, քանի որ իրենք միակողմանի դիրքորոշում որդեգրած են: Եւ, ի հարկէ, նման միակողմանի դիրքորոշում ունենալով՝ ինչ-որ բան պնդելը ե՛ւ անհնար է, ե՛ւ անտեղի»,- եզրափակած է Փեսքով։

Անոր խօսքով, արեւմտեան երկիրները կը փորձեն Ռուսիոյ Դաշնութիւնը դուրս մղել Ղարաբաղէն, սակայն ոչ ոք կրնայ հանդէս գալ որպէս տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նոյնպիսի երաշխաւոր։

«Այն, որ մեզ կը փորձեն դուրս մղել այնտեղէն, այո, մենք այդ գիտենք, բայց մինչ այժմ ոչ ոք կրնայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւոր ըլլալ բացի Ռուսիայէն, եւ Ռուսիան կը շարունակէ իր ջանքերը», -ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։