image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Օրպանի Ռուսիան մօտ է յաղթանակին

Ըստ Օրպանի  Ռուսիան մօտ է յաղթանակին

Ուքրանիան եւ Եւրոպական Միութիւնը գրեթէ պարտուած են հակամարտութեան մէջ, սակայն անոնք չունին քաջութիւն ընդունելու այս իրականութիւնը եւ ստանձնելու հետեւանքներուն պատասխանատւութիւնը, յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը։ 

«Ռուսիան կը մօտենայ յաղթանակի, իսկ Ուքրանիան գրեթէ պարտուած է այս պատերազմին մէջ, եւ Ուքրանիոյ հետ միասին պարտուած է նաեւ Եւրոպան։ Սակայն ոչ ոք ունի համարձակութիւն՝ այս փաստը ընդունելու եւ պատասխանատւութիւն կրելու հետեւանքներուն համար։

Փոխանակ ընդունելու իրականութիւնը, անոնք կը գործեն այնպէս, թէ այս պատերազմը կարելի է յաղթել, թէեւ ճակատային գիծին վրայ այդ կարելի չէ։ Անհրաժեշտ են դիւանագիտութիւն, հրադադար եւ խաղաղ բանակցութիւններ», – ըսած է Օրպանը։