image

Էրտողան-Ասատ սպասուած հանդիպումը կրնայ դուռ բանալ «բոլորի յաղթանակին»

Էրտողան-Ասատ սպասուած հանդիպումը կրնայ դուռ բանալ «բոլորի յաղթանակին»

Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւնները այնպիսի ընթացք մը ունին, որ բոլորը կը ջանան հասկնալ, թէ ո՞ւր թաղուած է «շան գլուխ»ը։ Կազզէի եւ յարակից իրադարձութիւններով հանդերձ, Անգարա-Դամասկոս առանցքը կը շարունակէ կարեւոր օրակարգ հանդիսանալ։ Այստեղ, անշուշտ, արդէն գաղտնիք չէ այլեւս, որ երկու երկիրները ուղիղ կը շփուին եւ անոնց գաղտնի սպասարկութեանց պատասխանատուները կը շարունակեն բազմակողմանի կապի մէջ մնալ։ Կողմերուն համար, անշուշտ, ամէն բանէ աւելի կենսական կը համարուի յարաբերութեանց ամբողջական բնականոնացումը, որ յեւով մը պայմանաւորուած առաջին դէմքերու սպասուած հանդիպումով։

Վերլուածական շրջանակներ, որոնք ուշի ուշով կը հետեւին այս յոյժ կարեւոր իրադարձութիւններուն, շատ լաւ կը հասկնան, թէ այդ հանդիպումը միայն սկիզբ մը պիտի ըլլայ. սկիզբը ընթացքի մը, որուն մէջ կան մեծ ու փոքր խոչընդոտներ, ուր միացնող տարրերու առընթեր, կան տարանջատող խնդիրներ, նաեւ գործօններ, որոնք կը խորացնեն դժուարութիւնները։ Աւելի քան յստակ է, որ Թուրքիա-Սուրիա օրակարգին վրայ հարցերուն հարցն է քրտական գործօնը, որմէ կախում ունի յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Ճիշդ այս կէտին վրայ կը տարբաղադրուին հիմնարար շահերը եւ կը խմորուին Սուրիոյ ապագային կապուած մեծագոյն հարցադրումները։

Քրտական գործօնը եթէ ինչ-որ տեղ իրարմէ կը զատորոշէ եւ նոյնիսկ կը հեռացնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան մօտեցումները, ապա միւս կողմէ իրարու կը մօտեցնէ Դամասկոսն ու Անգարան, որոնք աւելի քան տասն տարիէի ի վեր իրարմէ հեռու մնացած եւ նոյնիսկ իրարու դէմ թշնամացած են։ Ի վերջոյ, երկու հարեւանները, որոնք իրարու կը հակառակին, այսօր արդէն եկած են այն եզրակացութեան, թէ քրտական գործօնի այս ձեւով շարունակութիւնը վտանգ է իրենց համար։ Երկուքն ալ այս գործօնին հետեւանքով սպառնալիք կը տեսնեն իրենց տարածքային ամբողջականութեան տեսակէտէ։ Հաւանաբար այս խնդիրը երկու երկիրներու ղեկավարութիւնները դրած ըլլայ ստիպողութեան մը առջեւ՝ գալով այն համոզումին, թէ ի վերջոյ հասած է ժամանակը, որպէսզի առաջնորդները քով-քովի գան ու տեսնեն՝ ի՞նչ մակարդակի, ի՞նչ որակներու եւ ի՞նչ տեսլականի յարաբերութիւններու կեանք պէտք է տրուի։ Անշուշտ, այդ յարաբերութիւններու վերաշխուժացման պարագային մեծագոյն տուժողը պիտի ըլլան քիւրտերը, որոնք ունին հեռահար երազներ եւ հասած են իսկապէս հանգիստ եւ ինքնակառավարման փուլի մը։

Հարց կրնայ ծագիլ, թէ նոյն վնասը պիտի չկրե՞ն Սուրիոյ միւս խմբաւորումներ. օրինակ՝ իսլամները, թիւրքմենները, ասորիները կամ երկրի հիւսիսի միւս փոքրամասնութիւնները։ Պատասխանը միանշանակ ո՛չ է, որովհետեւ այդ հատուածներուն մէջ եթէ նոյնիսկ անկախ ապրելու տրամադրութիւն մը կայ, ապա չկայ անկախ երկիր մը ստեղծելու նպատակը։ Հետեւաբար, վերահաստատելու համար խնդրի հիմքերն ու արմատները՝ հարկ է կրկնել այն ճշմարտութիւնը, թէ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութեանց ենթածիրի առկայ կարեւոր հիմնադրոյթն է քրտական գործօնը։

Ամբողջ տարածաշրջանը ուշադրութեամբ կը հետեւի Անգարա-Դամասկոս առանցքի իրադարձութիւններուն։ Լիբանանեան մամուլին մէջ կատարուած կարգ մը հրապարակումներն ալ մօտալուտ կը համարեն Թուրքիա-Սուրիա մերձեցումը՝ ի հեճուկս զանազան խոչընդոտներու։ Ո՛չ միայն երկու երկիրներու ղեկավարութիւններու մօտեցումները ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին, այլեւ բոլոր հարթութիւններու վրայ կ՚ընդգծուի, որ Ռուսաստան, Իրաք, Իրան եւ Արաբական ծոցի երկիրները մեծ դեր ունին սպասուած բաց խօսակցութիւններուն մէջ։ Նոյն աղբիւրները յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհը այդքան ալ դիւրին չեն տեսներ: Ընդհանուր առմամբ կը մատնանշուի երեք առանցքային խնդիր։

Առաջինը կը վերաբերի Սուրիոյ քիւրտ բաղկացուցիչին եւ ինքնակառավարման տարածքներուն՝ մինչ անոնց հիմնական հովանաւորողն է ԱՄՆ-ը։ Երկրորդը կը վերաբերի հիւսիսային Սուրիոյ, որ բաժնուած է երկու շրջաններու, որոնցմէ մէկը կը վերահսկուի երկրի խմբաւորումներուն կողմէ եւ Անգարայի ազդեցութեան տակ է, իսկ միւսը կը գտնուի «Հայաաթ Թահրիր ալ-Շամ»ի վերահսկողութեան տակ։ Երրորդ՝ կայ նաեւ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն) զինեալներու հարցը։ ԻՇԻՊ այսօր վերածուած է աւելի փոքր խմբաւորման մը, որուն անդամները տարածուած են Սուրիոյ անապատային մի քանի շրջաններու մէջ։ Այդ խմբաւորումները բաւական լուրջ վտանգ կը համարուին՝ յատկապէս, որ անոնց մէջ կան «Ճիհատ»ի համար Սուրիա ժամանած տարբեր ազգութիւններէ կռուողներ։

Պահ մը կը թուէր, թէ Անգարա-Դամասկոս համաձայնութիւնը կրնար ըլլալ քիւրտերու եւ փախստականներու հարցերուն զուգահեռ։ Յամենայնդէպս, շուտով վրայ հասաւ այլ հարց մը՝ Սուրիոյ հիւսիսը, ուր տեղակայուած են թրքական բանակային ուժեր։ Այս առումով ալ կան մի քանի բարդութիւններ, որոնց մէկ մասը ներքին, իսկ միւս մասը արտաքին բնոյթ ունի։

Թուրքիա-Սուրիա հաշտութեան նշոյլները առեւտրական շարժումի մը համար կը բանան դռներ՝ մանաւանդ, որ Պարսից ծոցի երկիրներուն եւ Եւրոպայի միջեւ ճանապարհը կ՚անցնի այս երկու երկիրներէն։ Սա կը պահանջէ գլխաւոր ճանապարհներու վերաբացումը եւ ստեղծել նոր տնտեսական հաւասարութիւն մը, որ կ՚ենթադրէ «բոլորին յաղթանակը»։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...