image

Ընթերցումներս. Բառային կրկնութիւն (5). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Բառային կրկնութիւն (5). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս (32)

Բառային կրկնութիւն (5)

Բառային կրկնութիւնները այնքան այլազան են, որ դժուրութիւն ունինք զանոնք միշտ դասակարգել կարենալու, ինչպէս յաջողեցանք ընել անոնց մէկ մասը: Ստորեւ այլազան ու պատահական օրինակներ իրենց ուսուցողական  շատ 

բարձր արժէքով:

  1. Կրկնակ գերադրականներ 

Այսպէս կը կոչենք այն կառոյցները, որոնց մէջ ամենա- գերադրական նախածանցը կը դրուի այնպիսի ածականներու վրայ, որոնք իրենց կարգին գերադրադան արժէք ունին. այսպէս՝ ամենագերազանց, ամենագլխաւոր, ամենաառաջին, ամենավերջին, ամենամեծագոյն, ամենայոռեգոյն,  ամենավատթարագոյն եւ այլն:

Պարզ է, բայց իրապէս պա՞րզ է, որ գերազանց-էն վեր այլեւս որակական աստիճան չի մնար, հետեւաբար չենք կրնար անոր վրայ աւելցնել ամենա- գերադրադանը:  Բայց ահա շատ սովորական  են այս բոլորը, որ այստեղ յիշեցինք: 

Աւելի անհեթեթ է ամենավատթարագոյնը. քանի վատթար-ը արդէն գերադրականն է վատ-ին, բայց ահա ան դարձած է նախ՝ վատթարագոյն, այստեղ ալ կանգ չէ առած  ու վերաճած է ամենավատթարագոյն-ին, որ երեւակայելի բան չէ: Սակայն ա՛յս եւս տեղին համեմատ  գրուած կը տեսնենք սեւով ճերմակի վրայ:

Գերադրական չեն կրնար առնել առաջին եւ  վերջին ածականները, որոնք որեւէ դասաւորութեան մէջ ունին իրենց անփոփոխ ու անփոփոխելի կարգը: Տրամաբանօրէն որեւէ դասաւորումի մէջ կրնայ գտնուիլ մէ՛կ առաջին  կարգ եւ մէ՛կ վերջին կարգ, նոյնիսկ եթէ այդ կարգերուն վրայ մէկէ աւելի անդամներ գտնուին. օրինակ՝ ինչ-որ քննութեան մը մէկէ աւելի թեկնածուներ կրնան նոյն բարձրագոյն նիշերը հաւաքել եւ միասնաբար կոչուիլ «առաջին»:  Այնպէս ալ՝ «վերջին»: 

  1. Անհամատեղելի հասկացութիւններ

Այսպիսին են այն բառակապակցութիւնները, որոնց բաղադրիչները ինչ-որ չափով ու ձեւով իմաստակից  ըլլալով, կը վանեն զիրար եւ  տրամաբանական չէ համատեղել զանոնք . օրինակ՝

--ամենագէտ իմաստուն,

         --սնամէջ աւելորդաբանութիւն,       

        -- ճարտար հանճար,

          --չարախորհուրդ  եղեռնագործութիւն  եւ այլն: 

Իմաստուն ածականը կամ մակդիրը պէտք է բաւարար նկատուէր, որպէսզի անոր չկցուէր ամենագէտ-ը, այնպէս ալ՝  աւելորդաբանութիւն-ը պէտք չունինք պիտակաւորելու սնամէջ-ով, քանի   աւելորդաբանութիւնը չի կրնար սնամէջ չըլլալ: Այնպէս ալ մնացեալ երկուքը:

Հետեւեալները քաղած եմ Ն. Ռուսինեանի «Ուղղախօսութիւն»-էն (էջ 96):   

Չմոռնանք, Ռուսինեանը իր ժամանակի պայծառագոյն միտքը ունեցող արեւմտաահայերէն էր, ինչպէս նաեւ արեւմտահայ աշխարհաբարի մեծագոյն նուիրեալներէն ու երախտաւորներէն, որ  քերականութեան գիրքով մը եւ նորանոր բառերով ալ հարստացուց մեր բարբառը. իրեն կը պարտինք, օրինակ,   թերթօն  եւ սեղմիրան բառերու կազմութիւնը:

Իր այս արժանիքները արգելք չեն եղած, որ գրիչէն դուրս գան նաեւ սապիսի վանողական կառոյցներ.        

***մտքով պատկերացնել,   

Պատկերացնելու  ուրիշ  ձեւ ու միջոց կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ:

***լրացուցիչ յաւելավճար,

Չէ՞ որ յաւել  արմատը արդրէն կը թելադրէ վճարումին լրացուցիչ բնոյթը:

          ***կարճ համառօտագիր, 

Համառօտագիրը կրնա՞յ երկար ըլլալ: 

***շիկահեր մազեր, 

Հեր եւ մազեր...

***երկկողմանի   երկխօսութիւն, 

Հետաքրքական է. պէ՞տք է մտածել, թէ երկխօսութիւնը կրնայ նաեւ  երկկողմանի չըլլալ... որպէսզի Ռուսինեանի պէս մէկը շեշտէ անոր երկկողմանի-ութիւնը:

                                                                     *   *   *

  Շատ տարածուած է «անբան անասուն» բառակապակցութիւնը:

Անբան-ը եւ անասուն-ը հոմանիշներ են: 

Քանի որ  բան կը նշանակէ խօսք, նոյն նշանակութիւնը կը ստանանք  ասուն ածականի արմատով՝ աս-ասել-ասուն-ասող՝ խօսող:

Անշուշտ կարելի է կրկնաբանութիւն  նկատել այս մէկը: Ենթական յաճախ բաւարար գիտութիւն չունի, չի ճանչնար  բառիս ստուգաբանութիւնը, եւ անասունկենդանի բառին համարժէք է իրեն համար, ուրեմն ամբողջ բառակապակցութիւնը կ’ընկալէ իբրեւ «անբան կենդանի»:

Բայց կարելի է մտածել նաեւ, որ սաստկական նպատակով գործուած է այս կրկնաբանութիւնը: 

Բոլորս ալ յաճախ հակամէտ եղնք ըսելու  «սպիտակ ձիւն»... առանց մտածելու, որ ձիւնը չի կրնար ճերմակ չըլլալ, հետեւաբար աւելորդ է սպիտակ կոչել զայն: Չմոռնանք ձիւնասպիտակ ածականը եւս:

                                                                         *    *    *

Նահապետ Ռուսինեանի Կիլիկիա երգի ութեակները կը վերջանան նոյն յանկերգով՝ 

--«Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա, աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»: 

Այստեղ մեզ հետաքրքրողը թաւագրուած հատուածին  «Կիլիկիա, աշխարհ» զոյգն է:

Կիլիկիա յատուկ անունը առանձին շատ լաւ կը բացատրէ բանաստեծին սիրոյ առարկան հանդիսացող ծննդավայրը, սակայն ահա ան չի վարանիր անոր կցելու աշխարհ բացայայտիչն ալ: Ինչո՞ւ...

Որովհետեւ ունի այդ  ծննդավայրը  շեշտելու ձգտում  մըն ալ. Կիլիկիան պատահական վայր մը չէ,  այլ իրեն  արեւ շնորհած, զինք սնուցած աշխարհն է:

 

Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com