Փարաքար խոշորացուած համայնքին մէջ այսօր՝ ապրիլ 16-ին, նորընտիր աւագանիի անդրանիկ նիստին «Միասնութիւն» դաշինքի ցուցակը գլխաւորող Վալոտիա Գրիգորեանն օրէնքի ուժով դարձած է համայնքի ղեկավար:
Նշուած է, որ ան լիազօրութիւնները պիտի ստանձնէ աշխատանքային երրորդ օրը՝ ապրիլ 19-ին:
ՔՊ խմբակցութեան անդամները չեն մասնակցած նիստին:
Նշենք, որ մարտ 30-ին կայացած Փարաքարի աւագանիի ընտրութիւններուն ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպ.
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն - -7 մանթատ, ցուցակը գլխաւորած է Լիւդվիգ Գիւլնազարեանը:
«Միասնութիւն» կուսակցութիւններու դաշինք - 12 մանթատ, ցուցակը գլխաւորած է Վալոտիա Գրիգորեանը:
«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն - 2 մանթատ, ցուցակը գլխաւորած է Դաւիթ Մինասեանը:
Ըստ էութեան, «Միասնութիւնը» ստացած է 50 տոկոսէն աւելի քուէ եւ ան համայնքի ղեկավար կը դառնայ օրէենքի ուժով: