image

Ընդամէնը 96 ժամ «Քասատ»ին համար…Պայմանաժամը պիտի երկարաձգո՞ւի

Ընդամէնը 96 ժամ «Քասատ»ին համար…Պայմանաժամը պիտի երկարաձգո՞ւի

Ընդամէնը 96 ժամ «Քասատ»ին համար…Պայմանաժամը պիտի երկարաձգո՞ւի

 Սուրիոյ  իշխանութիւններուն  կողմէ Քրտական  գլխաւոր զօրամիաւորման՝ «Քասատ»ին   տրուած   96-ժամեայ  պայմանաժամը  կը հասնի իր   լրումին  լրատուական  աղբիւրներ  լուրեր կը տարածեն այն մասին, որ  տրուած  պայմանաժամը կրնայ երկարաձգուիլ։ 

Սոյն նիւթին վերաբերեալ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  օրեր առաջ  ստեղծուած «նոր» իրավիճակին մասին Սագօ Արեանի   գրառումը, որ   հիմնականին մէջ այսօր եւս կը պահէ իր  այժմէականութիւնը։

Ահա օրեր առաջ   տեղադրուած  գրառումը՝ 

Ուրեմն երէկ ամբողջ օրը տեւած բախումներէ ետք Սուրիոյ նախագահութիւնը կը հրապարակէր հաղորդագրութիւն, որու հիմամբ ալ կը յայտարարուէր «ժամանակաւոր» հրադադար։

Բաց աստի երեւելի կը դառնային այն կէտերը, որոնց հանդէպ «Քասատ» պարտաւոր էր իր վերջնական համաձայնութիւնը տալ։ 

Այդ կէտերուն մէջ հիմնականը այն էր, որ Հասիչէն եւ Գամիշլին հեռու պիտի մնան ամբողջական տիրապետութիւնէ եւ պիտի ապրին ու գոյակցին, որպէս վարչական անկախ միաւորներ՝ ընդհանուր պետութեան կանոններով եւ միասնական ընկալումով։

Ահա հիմնական կէտերը եւ ինչպէս կ՚ըսեն «գնդակ»ը այս պահուն կը գտնուի Մազլում Ապտիի խաղադաշտին մէջ։

Մաքուր արեւմտահայերէնով՝

Սուրիոյ նախագահական վարչակազմը յայտարարած է, թէ համաձայնութիւն գոյացած է Հասաքէի նահանգի ապագային վերաբերեալ՝ Սուրիական Ժողովրդավարական Ուժերուն (SDF) հետ։

Համաձայնութեան համաձայն՝ SDF-ին տրուած է չորս օր՝ ներքին խորհրդակցութիւններ կատարելու եւ զինուորական ու վարչական համարկման մանրամասն ծրագիր ներկայացնելու համար։ Սուրիական բանակը պիտի չմտնէ Հասաքէի եւ Գամիշլիի քաղաքային կեդրոնները, այլ պիտի տեղակայուի անոնց ծայրամասերուն։

Քրտական գիւղերուն մէջ սուրիական զինուորական ներկայութիւն պիտի չըլլայ, եւ անվտանգութիւնը պիտի ապահովեն միայն տեղական ուժերը։

Մազլում Ապտի պիտի ներկայացնէ թեկնածուներ պաշտպանութեան փոխնախարարի, Հասաքէի նահանգապետի, խորհրդարանի եւ պետական ծառայութեան տարբեր պաշտօններու համար։ SDF-ի բոլոր զինուորական եւ անվտանգային կազմերը պիտի ներգրաւուին Պաշտպանութեան եւ Ներքին գործոց նախարարութիւններուն, իսկ քաղաքացիական կառոյցները պիտի միանան պետական հաստատութիւններուն։

Նաեւ նախատեսուած է 13-րդ հրամանագրի գործադրութիւնը, որ կը վերաբերի քրտերէն լեզուներուն, մշակոյթին եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն։ Համաձայնութեան իրագործման գործընթացը սկսած է այսօր։