image

Յետ-համավարակ. Չորրորդ ալիքը, որ (չ)եկաւ (Քորոնագրութիւն)

Յետ-համավարակ. Չորրորդ ալիքը, որ (չ)եկաւ (Քորոնագրութիւն)

Յառաջացած աշնան ցուրտ, և մշուշ ուր երեկոն իսկ կ'անհետի: Ինչպէս յաջորդ միևնոյնշաբթիներու առաւօտները, կէսօրները, յետմիջօրէները, ժամանակը ընդհանրապէս:

Քորոնաժահրով վարակուած և առողջացած որոշ մարդիկ կը տառապին մտածումի դանդաղեցումէ և ընդհանուր շփոթէ, երևոյթ մը որուն ուսումնասիրութեամբ զբաղուող գիտնականներ տուած են «մտային մշուշ» անուանումը: Ընդհանուր վարկածը առայժմ կը հաստատէ յետ-համավարակեան կենսաբանական փոփոխութիւններու առկայութիւնը: «Մտային մշուշ»ը կրնայ առընչակից ըլլալ Ալզհայմըրի, այսինքն՝ Քորոնաժահրի հետևանքով մարդկային ամբողջ խումբ մը, առայժմ տարտղնուած լոկ «մտային մշուշ»ով տառապող անհատներ, որոնք սակայն կրնան օր մը հաւաքական ինքնութիւն կերտել, փոխ-օգնութեան նախանձախնդրութեամբ համաշխարհային ցանց ստեղծել, իրաւունքներու օրինագրումի նպատակով ձայն բարձրացնել... մէկ խօսքով՝ սեփական ճակատագրապայմանային գոյութեան գիտակցութիւն կերտել: 

Յետ-մարդկային նոր նորմալի միակ հաւաքականութիւնը պիտի չըլլայ «մտային մշուշ»ով յատկանշուած այդ հաւաքականութիւնը: Anhedonia 19-րդ դարու աւարտին բանաձևուած յղացք մըն է որ բառացիօրէն կը նշանակակէ «հաճոյազուրկ»: Կը վերաբերի այն մարդոց որոնք անկարող են որևէ հաճոյք զգալ: Հարցը միայն սեռային հաճոյացման չի վերաբերիր, այլ որևէ հաճոյքի՝ կերակուր, մարդկային յարաբերութիւններ, զբօսանք... Երևոյթը այնքան ալ տարօրինակ պէտք չէ թուայ. ընկճախտով տառապողներու 70 տոկոսը նաև հաճոյազրկման բովէն կ'անցնին: Հաճոյազրկութեան մակարդակներու ճշդորոշման համար 1970-ականներուն ստեղծուած է Չափմանի Աստիճանաչափը: Յետ-համավարակեան ժամանակներուն Քորոնաժահրային հաճոյազրկումը կրնայ ծնունդ տալ նոր հաւաքականութեան մը, յետ-մարդկային նոր ինքնութեան մը, կենսաբանականօրէն ամրագրուած և հետևաբար՝ ճակատագրապայմանային:

Քորոնաժահրային հետևողական ալիքներուն հաստատագրուեցաւ համի և հոտառութեան զգացողութիւններու կորուստը: Ոմանց մօտ համն ու հոտառութիւնը կ'ուշանայ վերադառնալու, ինչ որ, հասկնալիօրէն, ծնունդ կու տայ գոյութենական թերևս յատուկ անձկութեան մը, որ այնքան ալ կապ չունի Հայտըկերեան մոռցուած հարցումին հետ, այլ՝ ծանօթ առօրեայի, երբեմնի մարդկային նորմալի, վերադարձի անկարողութեան: Համի ու հոտի ընդմիշտ կորուստի և անոր հետ հաշտուելու պարագան պիտի մտածել տայ այնքան կենդանական այդ բնազդներու իմաստազրկումին և, հետևաբար, անոնց հանդէպ անտարբերութեան նոր նորմալացման մասին: Առաջին հանգրուանը դէպի համընդհանուր մարդանտարբերութիւն՝ յետ-մարդկային ճակատագրապայմանի ծննդոցին: 

Համավարակի երկու տարիներուն բնականաբար ամենէն աւելի զարգացան առողջապահութեան մարզին մէջ գիտահետազօտութիւնները ի դէմս մրցանշային ժամանակի մէջ ստեղծուած պատուաստներու: Բայց այսպէս կոչուած «կեանքի գիտութիւններ»ը, որոնք յետ-համավարակին հետազօտողներու և ներդրողներու ուշադրութեան առանցքին պիտի ըլլան, առողջապահական մարզէն անդին պիտի անցնին վերածուելու համար, ըստ գիտալրագրական մարզի մասնագէտ հրապարակագիր արժանթինցի Սեպասթիան Գամփանարիոյի (Sebastián Campanario) մէկ յօդուածին («Կեանքի գիտութիւններու տասնամեակը»), «համընդհանուր նպատակներու արհեստագիտութեան» մը -ինչպէս մօտիկ անցեալին ելեկտրականութիւնն ու շարժակը, համացանցը, և ներկայ-ապագային՝ Արհեստական Բանականութիւնը: Գիտական այդ նորարարութիւններն են որ արդէն սկսած են յետ-մարդկային ժամանակներուն կեանքը ստեղծել/սահմանել/պայմանաւորել:

Թէ որքանով Քորոնաժահրի իրերայաջորդ պատուաստները իրենց ներդրումը պիտի ունենան յետ-մարդկային կեանքի ծննդոցին հազիւ թէ իմանանք: Աւելի՛ն, ոչ մէկ գիտաշխատող պիտի համարձակի այս հարցադրումին պատասխան մը տալ: Յետ-մարդկային գոյութենական ճակատագրապայմանաւորումը երկրորդ անգամ պիտի մոռցնէ գոյի մասին հարցումը:

Այդ միևնոյնշաբթին ալկորիթմային ինչ որ ոչ-մէկ-տեղ արձանագրուեցաւ ուսիդ պատկերով և 27.05.2022 թուանիշով որպէս չորրորդը: Չորրորդ պատուաստը: Ի դէպ, չորրորդ ալիքը, յայտարարուեցաւ, Հարաւի Քաղաքը հասած է: Աւելի՛ն, արդէն շաբաթական դրութեան վարակուածներու պարագաներու տեղեկագրերը ալիքի բեկումին մասին կը վկայեն: Չորրորդ ալիքը (չ)եկաւ, բայց համատարած մտային մշուշին մէջ համավարակը մոռցուած է: Յետ-համավարակ, անհրաժեշտ մոռացում, նոր նորմալ: Եթէ հարկ ըլլայ, կը յայտարարուի, հինգերորդ պատուաստին պատրաստ պիտի ըլլալ, վեցերորդին ալ, եօթերորդին... Ժահրին հետ համակեցութեան ժամանակներ են: Նոր աշխարհակարգ:

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...