image
Հրատապ լուրեր:

Յայտնի փիլիսոփայ Կարէն Սվասեանի կորուստը

Յայտնի փիլիսոփայ Կարէն Սվասեանի կորուստը

76 տարեկանին մահացած է հայ փիլիսոփայ Կարէն Սվասեան։ Ան եղած է փիլիսոփայութեան պատմութեան, մշակութաբանութեան եւ գիտելիքի տեսութեան մասնագէտ, ինչպէս նաեւ գրականագէտ եւ թարգմանիչ։

Ինչպէս կը գրէ svoboda.org, Սվասեանի մահուան մասին դիմատետրեան էջով յայտնած է բանասէր Նիքոլայ Փոտոսոքորսքի։

1985 թուականին Կարէն Սվասեան դարձած է Երեւանի պետական համալսարանի փրոֆեսոր, իսկ 1997 թուականին աշխատած է Ինսպրուքի համալսարանը՝ որպէս հրաւիրեալ փրոֆեսոր։ 1993-2024 թուականներուն ան ապրած է Պազելի մէջ՝ որպէս ազատ գրող եւ օգնական, դասախօսութիւններ տուած է Զուիցերիոյ, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ մէջ։ Ան գրած է հիմնականին ռուսերէն եւ գերմաներէն, նշած է հրատարակութիւնը։

Սվասեան յայտնի է որպէս Ֆրետերիք Նիցչէի երկհատորեայ ժողովածոներու կազմողը, խմբագիրը եւ թարգմանիչներէն մէկը։

Սվասեանի հեղինակութեամբ հրատարակուած է քանի մը գիրք, ինչպէս՝ «Կէոթէի փիլիսոփայական աշխարհայեացքը» (1983), «Լռութեան ձայներ. Ռիլքէ, Վալերի, Պլոք, Չարենց, Նարեկացի, Կէոթէ» (1984), «Նիցչէ կամ ինչպէս են դառնում Աստուած». երկու վարիացիա մէկ ճակատագրի համար» (1999):

1994 թուականին Կարէն Սվասեան դարձած է Հումպոլտթի մրցանակի դափնեկիր։